2015-04-29 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ունկնդրութիւնը` Ընտանիքը. Սուրբ Պսակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 29 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ շարունակելով ''Ընտանիքի'' մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Պսակի վրայ։

''Այսօրուայ մեր խորհրդածութիւնը կը հայի Աստուծոյ սկզբնական ծրագիրին զոյգի` այր – կին նիւթին'' ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսի առաջին հրաշքին­­, որուն միջոցաւ Ան յայտնեց իր փառքը Կանայի հարսանիքի ընթացքին։ Այդ նշանին մէջ բաղկացած պատգամը ըսաւ Սրբազան Հայրը տակաւին այժմէական է։ Թէեւ այն ժամանակներէն ի վեր շատ բաներ փոխուած են։

Այսօր` դժուար կը թուի խօսիլ Ս Պսակի մասին որպէս տօնակատարութիւն մը որ միշտ կը նորոգուի, ամուսնական կեանքի զանազան հանգրուաններու ընթացքին։ Ամուսնութեան դիմողներուն թիւը տակաւ առ տակաւ կը նուացի մինչ շատ մը երկիրներու մէջ ամուսնալուծումները աճում կ՛արձանագրեն եւ զաւակներու թիւը կը շարունակէ նուազիլ։

Միասին ապրելու դժուարութիւնը, ըլլայ որպէս զոյգ եւ որպէս ընտանիք, կը մղէ անհատները դիւրութեամբ խզելու կապերը եւ զաւակները առաջիններն են որ այս խզումի  հետեւանքը կը քաշեն։

Եթէ մանկութեանդ ընթացքին կը փորձարկեց թէ Ամուսնութիւնը ժամանակաւոր կապ մըն է, այդ մէկը քեզի համար անգիտակցաբար  կը դառնայ սովորական։ Հարկ է առ այդ մեծ լրջութեամբ խորհրդածել այս նիւթին շուրջ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հարցադրելով թէ ինչո՞ւ այս  ''մշակոյթը'' տարածուած է երիտասարդներու ապրելակերպին մէջ։

''Սխալելու կամ չյաջողելու վախը գուցէ ամենամեծ արգելքներէն մին է ընկալելու Քրիստոսի շնորհքը որ խոստացուած է Ամուսնական միութեան եւ ընտանիքին'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով նաեւ այլ դժուարութիւններու եւ արգելքներու ինչպէս ֆինանսական դժուարութիւնները, կիներու ազատութիւնն ու ընկերութեան ներքոյ յառաջդիմութիւնը,,,, ։ Ան ապա հաստատեց թէ չկայ աւելի լաւ կերպ մը արտայայտելու Սուրբ Պսակի գեղեցկութիւնը քան քրիստոնեայ զոյգերու եւ ընտանիքներու կեանքի համոզիչ վկայութիւնը։

Աստուածմէ օծուած պսակը կը պահպանէ այր ու կնոջ միջեւ կապը զոր Աստուած,  ստեղծագործութիւնէն ի վեր օրհնեց որպէս աղբիւր` խաղաղութեան ու բարիքի ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքին համար։

''Ասոր համար որպէս քրիստոնեաներ պէտք ենք յանձնառու ըլլալ այս առընչութեամբ''  հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրափակեց յորդորելով վախ չունենալ Յիսուսը հրաւիրելու հարսանեկան տօնին ու վախ չունենալ Յիսուսը հրաւիրելու մեր տուները որպէսզի մեզի ընկերանայ ու պահպանէ մեր ընտանիքը, այնպէս ինչպէս վախ չունենալ հրաւիրել Անոր Մայրը։ Քրիստոնեաները չեն պսակուիր Տիրոջ մէջ այլ կը կերպարանափոխուին Աստուծոյ սիրոյ արդիւնաւէտ նշանի մէջ։ Անոնք չեն պսակուիր միայն իրենց համար այլ համայն հասարակութեան եւ ընկերութեան համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութեան աւարտին ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները ու յատուկէն ողջունեց երտիտասրադները, հիւանդները եւ նորապսակելաները, զանոնք յանձնելով Սիենայի Սրբուհի Կատարինէի բարեխօսութեան, որուն ծիսական տօնը կը նշուի այսօր,  հրաւիրելով օրինակ առնել անորմէ կեանքի զանազան հանգրուաններու ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.